2014-09-08 12:44:13

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 8 սեպտեմբերի քարոզը` ''Թոյլ տանք որ Աստուած յառաջ ընթանայ մեր հետ միասին''։


''Նայելով Տիրամօր պատմութեան, մենք մեզի հարց տանք, արդեօք թոյլ կու տ՞անք, որ Աստուած մեր հետ ընթանայ''։ Սյս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, երկուշաբթի, 8 սեպտեմբերին, ըստ Լատինաց Տիրամօր ծննդեան տօնին առթիւ, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի կեդրոնական նիւթը։
Տիրամօր Ծննդեան տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ''աշխարհի ստեղծագործութեան'' եւ պատմութեան ընթացքին Աստուծոյ մեր հետ կատարած ուղեւորութեան մասին՝ ըսելով. ''Աստուած ստեղծեց մարդը տարբեր՝ այլ արարածներէն, զայն ստեղծեց ինքնաբաւ եւ ազատ, անոր յանձնարարելով յառաջ ընթանալ պատմութեան մէջ, ու անոր տալով ստեղծագործութեան պատասխանատուութիւնը, հասնելու համար ժամանակներու լրումը՝ որ կը համապատասխանէ Աստուծոյ Որդւոյն գալստեան։
''Աստուած կ՛ուզէր որ մենք իր Որդիին նման ըլլայինք ու իր Որդին մեզ նման'' ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով ,թէ ''մարդ արարածի ազատութեան վատ օգտագործումի պատճառաւ Աստուած զայն վտարեց դրախտէն'' անոր տալով յոյսի խոստում մը որ իրականացաւ փոքրիկ քաղաքի մը մէջ Յովսէփի եւ Մարիամի հետ։
Տէրը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, մեր հետ կ՛ուղեկցի համբերութեամբ։ Հակառակ մեր մեղաւոր վիճակին Աստուած համբերատար է որովհետեւ Ան կ՛ուզէ որ մենք նմանինք իր Որդւոյն պատկերին
Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզը եզրափակեց ըսելով. ''դիտելով աշխարհի հսկայական պատմութիւնը կրնանք փառաբանել զԱստուած եւ Անորմէ խոնարհութեամբ խնդրել որ մեզի պարգեւէ խաղաղութիւն` սրտի այն խաղաղութիւնը որ միայն Ինքն է կարող ընծայել, եւ որ մեզի կու տայ այն ժամանակ երբ՝ մենք թոյլ կու տանք Անոր, որ մեզի ընկերանայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.